2015-09-20 10:11:00

Չորրորդ քահանայապետի ձայնը` Լա Հապանայի յեղափոխութեան անուան հրապարակի վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ` Քուպա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Կիրակի` 20 սեպտեմբերին, Լա Հապանայի յեղափոխութեան հրապարակի տարածքին կը մատուցէ բացօթեայ սուրբ պատարագ։

Յեղափոխութեան անուան հրապարակը նշանաւոր է իր տարածքով եւ իր պատմութեամբ։ Եղած է մեծ հաւաքներու եւ բողոքի ցոյցերու վայր։

Քուպայի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան աւարտին, 28-29 նոյեմբեր 1959-ին,  Կաթողիկէ եկեղեցին այնտեղ կատարած է իր առաջին ազգային համագումարը։ Այս առթիւ, հազարաւոր երիտասարդներու, եւ Ֆիտէլ Քասթրոյի ներկայութեամբ՝ Յեղափոխութեան Հրապարակի վրայ մատուցուած է հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին, Հռոմէն՝ Վատիկանի Ձայնասփիւռէն, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը պատգամ մը յղած է Քուպացիներուն ըսելով ''Ձեր հայրն է խօսողը, Հռոմէն''։

Հետեւաբար,  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի՝ Լա Հապանայի Յեղափոխութեան Հրապարակի տուած այցելութեամբ, այդ վայրին մէջ լսելի պիտի ըլլայ  չորրորդ քահանայապետի ձայնը, տրուած ըլլալով որ այդ վայրը այցելած են նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.